image

Նոր պատիժներ՝ Ռուսիոյ. Այդ մասին բացայայտած է Վիքթորիա Նուլանտ

Նոր պատիժներ՝ Ռուսիոյ. Այդ մասին բացայայտած է Վիքթորիա Նուլանտ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտն ըսած է, որ նոր պատժամիջոցները, որոնք ԱՄՆ-ը եւ G7-ի իր գործընկերները կը նախատեսեն հրապարակել ուրբաթ օրը, ուղղուած պիտի ըլլան արդէն իսկ գործող պատժամիջոցները շրջանցելու Ռուսիոյ հնարաւորութիւններու սահմանափակման:

«Անոնք կ'օգտագործեն երրորդ երկիրները, որպէսզի փորձեն շրջանցել մեր սահմանած պատժամիջոցները։ Օրինակ՝ անոնք 1000%-ով աւելի շատ ծնկադիր համակարգիչներ (labtop), iPhone-ներ, սպասք լուացող մեքենաներ կը ներմուծեն երրորդ երկիրներէն, ոչ թէ այն պատճառով, որ կ'ուզեն տունը աշխատիլ այդ համակարգիչներով, այլ որպէսզի անոնց միջոցով ձեռք բերեն ժամանակակից չիփեր աւելի շատ հրթիռներ արտադրելու համար»,- ըսած է Նուլանտը։

Նոր պատժամիջոցները, անոր խօսքով, մասնաւորապէս կ'անդրադառնան ռուսական շարք մը դրամատուներու եւ չինական ընկերութիւններու, որոնք, ըստ ամերիկացիներուն, ներգրաւուած են սահմանափակումները շրջանցելու փորձերուն մէջ։