Աշխարհի մէջ իրավիճակը կը զարգանայ յօգուտ Ռուսիոյ։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք։
«ՆԱԹՕ-ի փլուզման սպառնալիքը, Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու թուլացումը, Եւրոպայի մէջ լայնածաւալ ուժանիւթային ճգնաժամը, Ուքրանիոյ օգնութեան դադրեցումը եւ Օրպանի կողմէ Քիեւի համար վարկի արգելափակումը՝ այս բոլորը կը նմանի Փութինի երազանքներու ծրագրին»,– գրած է Թուսքը։
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 1-ին Թրամփ յայտարարած էր, որ լրջօրէն կը դիտարկէ ԱՄՆ-ի դուրս գալը ՆԱԹՕ-էն այն բանէն ետք, երբ դաշինքը մերժեց օգնել Իրանի դէմ գործողութեան հարցով։
Աւելի վաղ Հունգարիան արգելափակած էր Ուքրանիոյ տրամադրուելիք 90 միլիառ եւրոյի վարկը եւ հակառուսական պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթը՝ իր դիրքորոշումը կապելով «Տրուժպա» կազատարով ռուսական նաւթի տարանցման դադրեցման հետ։