image

Հարուֆի միակ հայուհին՝ Վիքթորիա Սարգիսեան. Պատմութիւն փրկութեան եւ վերածնունդի մասին

Հարուֆի միակ հայուհին՝ Վիքթորիա Սարգիսեան. Պատմութիւն  փրկութեան եւ վերածնունդի մասին

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Այսօր լիբանանեան Հարուֆի մասին գրելու պատճառը հայուհի Վիքթորիայի բնակարանին քանդման լուրն է, որ տեղի ունեցած է իսրայէլեան հարուածներու պատճառով։ 

Վիքթորիայի տան պատմութիւնը, պատմութիւն մըն է այն հազարաւոր հայերու պատումներէն, որոնք ջարդերէն ճողոպրելով հասան Լիբանանեան ափեր ու փորձեցին կերտել նոր կեանք եւ նոր կեանքի ճանապարհ։

Վիքթորիան այսօր չկայ, իսկ տխուրն այն է, որ անոր յիշատակները կրող բնակարանն ալ արդէն քար ու քանդ եղած է ու չկայ…

Կարդացէ՝ք Վիքթորիայի թոռան Ֆիրաս Ալ Ամինի գրառումը իր մեծ մօր՝ Վիքթորիա Սարգիսեանի մասին

Վիքթորիա Սարգիսեան՝ բանաստեղծ Ապտուլ Ժալիլ ՈՒահպիի մայրը, իմ մեծ մայրիկս էր։

Մեծ մայրիկս հայ էր։ Օսմանեան ջարդերէն փրկուած էր՝ երբ մեծ հայրս՝ Հաճ Իսմայիլը, զինուորական ծառայութենէն փախչելով զինք իր հետ տարաւ Հարուֆ գիւղը։ Հոն ան կառուցեց գեղեցիկ տուն մը՝ գիւղին մէջ առաջին տունը կանաչ պատուհաններով՝ իր կանաչ աչքերուն գոյնով։

Երբ անոնք տեղափոխուեցան Պէյրութ, մեծ մայրիկս ուզեց բնակիլ ամէնէն բարձր յարկին մէջ։ Մեծ հայրս ընտրեց ամէնէն վերին բնակարանը Սաուաֆ շէնքին մէջ՝ Պուրճ Ապի Հայտար թաղամասին մէջ։ Լիբանանեան պետութիւնը որոշեց ահազանգի շչակը տեղադրել իրենց տան տանիքին վրայ։ Մինչեւ այսօր կը յիշեմ անոր տեսքը՝ բազմափող, կապոյտ գոյնով։ Պատերազմէն ետք ժանգոտեցաւ եւ այլեւս չաշխատեցաւ։

Վիքթորիան՝ «Ում Ապտ», «Ում Ապտուլ Ժալիլ», Հարուֆի տան բակին մէջ գեղեցիկ ջրաւազան մը կառուցեց, եւ ուրիշ մը՝ Պէյրութի իր տան մէջ, որ կը նայէր ամբողջ քաղաքին։ Շուրջը ծաղիկներով եւ վարդերով զարդարեց։

Կիրակի օրերը մայրիկիս հետ կ՚այցելէինք զինք եւ կը ճաշէինք համեղ հայկական կերակուրներ։ Երբ մայրիկս մահացաւ քաղցկեղէ՝ տակաւին քառասունականներուն սկիզբը, «Ում Ապտ»-ը շարունակեց հոգ տանիլ մեզի։ Երբ չարաճճի ըլլայինք, ան կը պոռար մեր վրայ հայերէնով՝ «Լռեցէ՛ք»։ Մինչեւ կեանքի աւարտը ան կը խառնէր արականն ու իգականը՝ ինչպէս շատ հայեր կը խօսին արաբերէն։

Ան ունէր «հեռախօսներու տետրակ» մը, ուր կը գրէր բոլոր ազգականներուն եւ ծանօթներուն թիւերը։ Արաբերէն չէր գրեր, այլ իւրաքանչիւր թիւի դիմաց կը նկարէր նշան մը, որ կը յուշէր անձը՝ զինուորին համար հրացան, ատաղձագործին համար սղոց, եւ այսպէս շարունակ։ Մէկու մը պարագային ան օձ նկարած էր, ուրիշի մը՝ արջ…

Իր որդին՝ մեծ հայրս, բանաստեղծ Ապտուլ Ժալիլ Ուեհպին, «Զաժալ»ի ( արաբական-լիբանանեան բանաստեղծախառն երգերու մրցանք) մրցումներու աստղերէն էր՝ Զէն Շուայպի, Մուսա Զղէյպի եւ Թալիա Համտանի հետ։ Ան գրած է շուրջ հինգ հազար երգ՝ «Ալլումա ալլումա»-էն մինչեւ «Լա աքթուպ աուրաք ալ շաժար», «Պապուրի ռայեհ ռայեհ», «Տախալ ույունաք հակէյնա», «Ալ նատա ալ նատա», «Շաապունա եաում ալ ֆիտաա» եւ շատ ուրիշներ։

Իր ընկերներն էին Ֆիլիմոն Ուահպին, Նասրի Շամսէտտինը, Ֆահտ Պալանը, Սապահը եւ Թարուպը։ Ան յաճախ առաւօտեան կանուխ՝ գիշերուան խրախճանքէն ետք, կը թակէր մեր տան դուռը Քորնիշ Մազրաայի մէջ եւ դռան մօտ կը դնէր թարմ միս կամ ձուկ։ Մայրիկս կ՚ուրախանար ու կ՚ըսէր՝ «Ինչո՞ւ քեզ նեղութիւն տուիր», իսկ ան կը պատասխանէր՝ «Նասրին բռնեց զանոնք»։

Ի դէպ, Ապտուլ Ժալիլը ամուսնացած է հինգ անգամ՝ շիի, պաղեստինցի, հրեայ եւ մարոքացի կիներու հետ (թերեւս ուրիշ առիթով կը պատմեմ անոնց մասին)։ Ունիմ ինը մօրաքոյր եւ քեռիներ։

Փորձեցինք գտնել մեծ մայրիկիս այն հայ ազգականները, որոնք փրկուած էին ջարդերէն, բայց չյաջողեցանք։ Իր մահուան օրը Ֆրանսայէն՝ Նանթի մօտակայ գիւղէ մը քաղաքապետ մը եկաւ եւ ըսաւ, թէ ան իր մօր մօրաքոյրն է։ Շատ ուրախացանք։

Մեծ մայրիկս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին երբեք չտեսաւ իր հայկական ընտանիքէն մէկը։ Ան խնդրեց, որ զինք թաղեն մայրիկիս մօտ՝ Հարուֆի մէջ։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։