Յուլիս 24-ին ժամը 00:05-ի սահմաններուն Աբովեան քաղաքին մէջ իր շքամուտքի առջեւ խումբ մը անձանց կողմէ դաժանաբար ծեծի ենթարկուած է ՔՊ-ական Հայկ Կոնջորեանի եղբայրը՝ Աւետ Կոնջորեանը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Գայիանէ Զարգարեանը եւ տեսանիւթ հրապարակած։
Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ յուլիս 25–ին ստացուած է հաղորդում դէպքի վերաբերեալ, դէպքով մէկ անձ ձերբակալուած է, կազմուած փաստաթուղթերը ուղարկուած են նախաքննական մարմին։
ՀՀ քննչական կոմիտէէն ալ յայտնած են, որ դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ խումբ մը անձանց կողմէ ֆիզիքական ներգործութեան եւ խուլիգանութեան յատկանիշներով: 1 անձ ձերբակալուած է: Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի՝ միջադէպի միւս մասնակիցները յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Լ
ուրը «Նիւզ.ամ»էն