Էրտողան, Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին, յոյս յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու միջոցաւ կայուն խաղաղութեան հասնելու հարցով եւ ընդգծած, որ Կովկասի մէջ կայունութիւնը օգտակար է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ռուսիոյ համար։
Բացի այդ, հանդիպման ընթացքին Էրտողան եւ Փութին միտքեր փոխանակած են երկկողմ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցերու շուրջ։
Էրտողան նշած է, որ Անգարան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Ուքրանիոյ մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համար, եւ որ Իսթանպուլի բանակցութիւնները կը նպաստեն այդ գործընթացին։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, թէ ՇՀԿ համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս Թուրքիայի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպած են։