ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւնները:
Կառավարութենէն յայտնած են, որ Իպրահիմ Ռայիսին նշած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմը անընդունելի է եւ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն:
«Իրանի նախագահն ընդգծել է, որ տարածաշրջանում բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուեն խաղաղ ճանապարհով եւ պետութիւնների տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է:
Իրանի նախագահը յիշատակել է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Խամենեիի խօսքը, ըստ որի՝ Հայաստանի հետ Իրանի կապը չպէտք է վտանգուի, իսկ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է լինեն պետութիւնների սուվերենութեան (ինքնիշխանութեան) ներքոյ: Էբրահիմ Ռայիսին շեշտել է, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցել տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմանը՝ յաւելելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար»,- ըսուած է կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ: