image

Հայաստանի կառավարութեան գործողութիւնները Եկեղեցւոյ դէմ անընդունելի են եւ կործանարար․FOREF Europe

Հայաստանի կառավարութեան գործողութիւնները Եկեղեցւոյ դէմ անընդունելի են եւ կործանարար․FOREF Europe

«Եւրոպայի կրօնական ազատութեան ֆորում» (Forum for Religious Freedom Europe-FOREF Europe) կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ միջազգային փորձագէտները խստօրէն դատապարտած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող յարձակողական գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով որպէս կրօնական ազատութեան եւ սահմանադրական կարգի կոպիտ խախտում։

Հրապարակման մէջ նշուած է, որ Հայաստանի մէջ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները հասած են ճգնաժամային կէտի, քանի որ իշխանութիւնները ձեռնարկած են եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը սահմանափակող աննախադէպ քայլեր, այդ շարքին՝ բանակի մէջ հոգեւոր սպասաւորութեան ծրագրի լուծարումը, բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկատմամբ ելքի արգելքներու կիրառումը եւ եկեղեցականներու նկատմամբ քաղաքական մղումներով քրէական հետապնդումները։

FOREF Europe-ի նախագահ Եան Ֆիկըլը յայտարարած է, որ այս գործելակերպն անընդունելի է իրաւական, քաղաքական ու բարոյագիտական առումներով եւ կործանարար է ողջ ազգի համար, իսկ Ուաշինկթընի մէջ ընթացող Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս փորձագէտները պետական այս միջամտութիւնը համեմատած են խորհրդային դարաշրջանի բռնաճնշումներու հետ՝ պահանջելով դադրեցնել հալածանքները եւ ազատ արձակել կալանաւորուած հոգեւորականները եւ եկեղեցւոյ բարերարները։

Այս մտահոգիչ զարգացումներու լոյսի ներքոյ իրաւապաշտպան խումբերը եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսին, որ 2026-ի փետրուարին նախատեսուած այցով պիտի գտնուի տարածաշրջանին մէջ, յորդորած են միջամտել, որ վերջինս իր հանդիպումներու ժամանակ բարձրացնէ եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող արշաւը դադրեցնելու եւ կալանաւորուած հոգեւորականները ազատ արձակելու հարցը։