image

«Նոր Հայաստան» Նախաձեռնութեան Երթի Մասնակիցները Յաջորդ Փուլին Կը Պատրաստուին

«Նոր Հայաստան» Նախաձեռնութեան  Երթի Մասնակիցները   Յաջորդ Փուլին Կը Պատրաստուին

Այսօր Երեւանի  «Ազատութեան» հրապարակին     վրայ սահմանադրութեան  բարեփոխումներուն դէմ եղող   «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները երթ  կատարելով հասած են       Մէլիք Ադամեան փողոցին վրայ գտնուող    «Հանրապետական կուսակցուգթեան    կեդրոնատեղիին մօտ:   Հոն տեղի ունեցած է հրմշտուք եւ  ապահովական մարմինները արգելք  հանդիսցած  են,   որ «Ժառանգութիւն»  կուսակցութեան առաջնորդ ՝ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան      ծաղիկներ դնէ կուսակցութեան շէնքին  դրան առջեւ: Երթի մասնակիցները վերադարձած    են «Ազատութեան» հրապարակ եւ  քիչ  անց   «Նոր Հայաստան»ի    քաղաքական խորհուրդը հանդէս պիտի գայ    իրենց կատարելիք  քայլերուն  վերաբերեալ:    Նշենք, որ   տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին խօսք  առնողները     յայտարարած են, որ   կը տենչան իշխանափոխութիւն  կատարել Հայաստանի մէջ: