image

Վերակառուցման փուլին պաղեստինցիները պէտք է մնան Կազայի հատուածին մէջ. Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար

Վերակառուցման փուլին պաղեստինցիները պէտք է մնան Կազայի հատուածին մէջ. Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար

Վերականգնման եւ վերակառուցման փուլին պաղեստինցիները պէտք է մնան Կազայի հատուածին մէջ՝ յայտարարած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը: Պատր Ապտըլ Աթիի խօսքով՝ Կազայի հատուածի ապագայի հետ կապուած որեւէ ծրագիր պէտք է իրականացուի Արեւմտեան ափի եւ Կազայի հատուածի միասնութեան պարունակին մէջ:

Նշենք, որ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ «ստանձնել» Կազայի հատուածը եւ նպաստել տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման: Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ շուրջ 2 միլիոն պաղեստինցի պէտք է վերաբնակեցուի այլ երկիրներու մէջ, օրինակ՝ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ, քանի որ, ըստ Թրամփին, Կազայի հատուածը պիտանի չէ բնակութեան համար եւ վերածուած է դժոխքի:

Միջազգային հանրութիւնը դէմ արտայայտուած է նման հեռանկարին: