image

Փաշինեան յայտարարեց Մոսկուա մեկնելու մասին

Փաշինեան յայտարարեց Մոսկուա մեկնելու մասին

Ես ընդուներ եմ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի հրաւէրն ու մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ պիտի մասնակցիմ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին նուիրուած միջոցառումներուն. այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մայիս 7-ին Ազգային Ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ։

Վարչապետը նշած է, որ նման այցերը բաց թողելը ճիշդ չըլլար, քանի որ ատոնց ժամանակ կը կայանան երկկողմ հանդիպումներ, կը քննարկուին հարցեր։

Հարցին, արդեօք նման այցերն ու նման միջոցառումներուն մասնակցիլը չե՞ն վնասեր Հայաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն, Փաշինեան պատասխանած է․ «Մենք բալանսաւորուած արտաքին քաղաքականութիւն ենք որդեգրել, եւ այդ քաղաքականութեան մէջ չի մտնում, որ մենք այդ յարաբերութիւնները կառուցելու ենք ի հաշիւ այլ յարաբերութիւնների։ Այդ քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ երբեք չի եղել, որ մենք Ռուսաստանի Դաշնութիւն այցեր չենք ունենալու, եւ յարաբերութիւնները չենք զարգացնելու եւ չենք խորացնելու Ռուսաստանի հետ»։

2024-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները չեն մասնակցած Մոսկուայի մէջ աւանդական շքերթին։ Փաշինեանը նշած էր, որ չի կարծեր, թէ ամէն տարի Հայաստանի ղեկավարը պէտք է մասնակցի այդ միջոցառման։

Հայաստանի վարչապետը Մոսկուայի մէջ Յաղթանակի շքերթին վերջին անգամ մասնակցած է 2023 թուականի մայիս 9-ին։