Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, օգոստոս 30-էն սեպտեմբեր 3-ն աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ։ Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն։
Այցի շրջածիրէն ներս վարչապետը պիտի մասնակցի ՇՀԿ գագանթաժողովի ՇՀԿ+ ձեւաչափի հանդիպման եւ ատոր շրջածիրէն ներս կայանալիք միջոցառումներուն: Նախատեսուած են շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ, այդ շարքին՝ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի եւ փոխնախագահ Հան Ճենի հետ։