image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգօրեայ ժամանակաւոր զինադուլի շեմի՞ն

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգօրեայ ժամանակաւոր զինադուլի շեմի՞ն

Մինչ Իսրայէլ կը փորձէ անխուսափելի զինադուլէն  առաջ առաւելագոյնս վնասազերծել Կազան, պաղեստինեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ բուռն բախումներէ եւ թաղային կռիւներէ ետք, իսրայէլեան բանակը նահանջած է եւ իր մեքենաները հեռացուցած Կազա քաղաքի կարգ մը թաղամասերէն, ինչպէս` Ասքուլայէն, Սապրայէն, Շարեհ Սալասինէն, իսկ մէկ օր առաջ ալ` Մայտան Սահայէն:

Լիբանանեան դիտանկիւնէն կը շարունակուի թէժացում-մեղմացում կշռութաւոր պատերազմը, որուն նկատմամբ կը շարունակուին ներլիբանանեան քաղաքական յայտարարութիւնները` Լիբանանը չներքաշելու պատերազմին: Անշուշտ ներլիբանանեան շրջանակներով չէ պայմանաւորուած այս վերահսկելիութիւնը:

Համաս – Իսրայէլ պատերազմը հնգօրեայ ժամանակաւոր զինադուլի շեմին կը գտնուի յայտնապէս: Պատերազմական գործողութիւններու սաստկացումը անպայման չ՛ենթադրեր զինադուլի տապալումը: Գուցէ` անոր մօտալուտ ըլլալը:

Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներու կողմէ իսրայէլեան նաւու գրաւումը տարատեսակ կանխատեսումներու դուռ բացաւ: Նախ տեղեկաուական-վերլուծական դաշտը արագօրէն նախանշեց, որ իրադարձութիւնները այս ձեւով դուրս պիտի գան Կազայի սահմաններէն եւ տարածաշրջանային բնոյթ հաղորդեն պատերազմին:

Միայն տեղեկավերլուծական դաշտին չէին վերաբերեր այս ենթադրութիւնները: Իսրայէլեան բանակին բանբերը յայտնեց, որ նաւուն առեւանգումը «համաշխարհային տարողութեամբ վտանգաւոր դէպք է»: Իսկ Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը նաւուն գրաւումը նկատեց իրանեան «ահաբեկչական» արարք մը, որ համաշխարհային նաւարկումի անցքերու անվտանգութեան վերաբերեալ միջազգային հետեւանքներ պիտի ստեղծէ:

Միջազգային լրատուադաշտին եւ պաշտօնական Թել Աւիւի յայտնածներուն միջեւ կար առանցքային նոյնութիւն: Դէպքը հետեւանքներ պիտի ունենայ միջազգային մակարդակի վրայ: Թել Աւիւը ուղղակի կ՛ամբաստանէր Իրանը այս բոլորին ետին կանգնած ըլլալու յանցանքով:

Թել Աւիւի կատարած յայտարարութիւնները համահունչ արձագանգ չունեցան Ուաշինկթընի կողմէ: Փենթակոնը յայտարարեց պարզապէս, որ տեղեակ է Կարմիր ծովուն մէջ նաւու առեւանգումէն, եւ թէ Միացեալ Նահանգները կացութեան մօտէն կը հետեւին:

Այս պարագային հիմնականը ոչ թէ նաւուն գրաւումին միջազգային հետեւանք ունենալու սպառնալիքը կրկնելը չէ, այլ` հասցէականութեան բացակայութիւնը: Փաստօրէն Ուաշինկթընը այս զուսպ յայտարարութեամբ չուզեց ամբաստանել Իրանը եւ այս առումով մերժեց նոյնանալ Իսրայէլի հետ:

Ընդհակառակը: Միջազգային հետեւանքները կամ պատերազմի տարածաշրջայնացման հաւանականութիւնները տեղի տուին դարձեալ ժամանակաւոր զինադադարի անհրաժեշտութեան մասին կատարուած հրատապ յայտարարութիւններով:

Միացեալ Նահանգներու մէջ երեւցաւ համակարգուած հակասութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչները սկսան խօսիլ մօտալուտ հրադադարի մասին, թէկուզ ժամանակաւոր:  Աւելի՛ն. անոնք պարզաբանեցին, որ համաձայնագիրի փաստաթուղթը պատրաստ է, որուն բովանդակութիւնը կառուցուած է «պատանդներու ազատում` մարդասիրական օժանդակութեան դիմաց» բանաձեւին վրայ: Թիւերով, ժամկէտներով եւ համապատասխան տուեալներով յագեցած ամերիկեան մամուլի այս բացայայտումները բախեցան պաշտօնական Ուաշինկթընի հերքումին: Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը յայտարարեց, որ տակաւին համաձայնութեան չեն յանգած, սակայն կը շարունակեն այդ նպատակով աշխատանքները:

Հերքումով նախ պարզ կը դառնայ, որ զինադուլի համաձայնութեան աշխատանքները կ՛իրականացնէ Ուաշինկթընը: Բանակցային լուռ կողմը Իրանն է, որուն հետ կը բանակցին Միացեալ Նահանգները:

Էականը այս յայտարարութեան մէջ սակայն ոչ թէ համակարգուած հերքումն է, այլ Իսրայէլին հրադադար պարտադրելը: Նաւու առեւանգումի դէպքը նոյնիսկ շուքի մէջ ձգելով, Միացեալ Նահանգներ ոչ միայն չեն բաժներ Թել Աւիւի կողմէ հնչած սպառնալիքը, կամ գրաւումին պատասխանատուութեան հասցէն, այլ անուղղակիօրէն կը շեշտեն, որ կ՛աշխատին Իսրայէլի կառավարութեան վրայ ճնշելով զինադուլ պարտադրել:

«Ա.»