image

Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը պիտի մասնակցին Փեքինի մէջ կայանալիք յաղթանակի շքերթին

Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը պիտի մասնակցին Փեքինի մէջ կայանալիք յաղթանակի շքերթին

Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութեան հաղորդմամբ՝ Չինաստանի մէջ յաղթանակի տօնակատարութեան պիտի մասնակցին 26 օտարերկրեայ առաջնորդներ։

Անոնց շարքին են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Ռուսիոյ նախագահ Վլադիմիր Փութինը, Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եինկ Ընը, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը եւ այլ առաջնորդներ։

Սեպտեմբեր 3-ին Չինաստանը պիտի կայացնէ մեծ ռազմական շքերթ, որ պիտի ղեկավարէ նախագահ Սի Ծինփինը։ Միջոցառումը նուիրուած է Երկրորդ աշխարհամարտին ճափոնական յարձակման դէմ չինական եւ խորհրդային բանակներու համատեղ յաղթանակի 80-ամեակին։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը պիտի մասնակցին Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին։

Գագաթնաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 31-էն սեպտեմբեր 1-ը Չինաստանի Թիենծին քաղաքին մէջ, պիտի հաւաքէ աւելի քան 20 երկիրներու առաջնորդներ եւ 10 միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ: