image
Հրատապ լուրեր:

Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու համար. Արթուր Վանեցեան

Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու համար. Արթուր Վանեցեան

Իմ նպատակը պատգամաւոր դառնալը չէ, իմ նպատակը ԱԺ-ի մէջ խմբակցութիւն ունենալը չէ, իմ նպատակն է այս իշխանութենէն ազատիլը, եւ ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ մենք ատոր հասնինք: Այս մասին յայտարարած է «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը՝ անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան յաղթելու հնարաւորութեան։

Անոր խօսքով՝ «Հայրենիք» կուսակցութիւնը եւ ինքը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Նիկոլ Փաշինեանը եւ ՔՊ-ն իշխանութենէն հեռացնելու համար։

«Վստահ եմ, որ կը կարողանանք ու յաջողելու ենք, բայց շատ կարեւոր է ընդդիմադիր հիմնական ուժերի ճիշդ համագործակցութիւնը։ Եթէ չլինի այդ համագործակցութիւնը, եւ բոլորը միայն իրենց շահով ու իրենց ամբիցիաներով առաջնորդուեն, որեւէ օգուտ չենք ունենալու։

Վստահ եմ, որ այդպէս չի լինի, ու գիտեմ, որ ընդդիմադիր հիմնական խաղացողները, գոնէ այս փուլում, շատ միասնական են ու աշխատում են մի նպատակի համար»,- նշած է ան: