image
Հրատապ լուրեր:

Ներկայացուած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի «Ոսկեղենիկ» Մատենաշարը

Ներկայացուած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի «Ոսկեղենիկ» Մատենաշարը

Օրերս, ներկայացուած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի «Ոսկեղենիկ» Մատենաշարը, տպագրուած՝  Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ:

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Արեւմտեան թեմի Ոսկեղենիկ մատենաշարը, որ  տպագրուած է Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, նպատակ ունի հոգեւոր գրականութիւն մատուցել մերօրեայ ընթերցողին հանրամատչելի ձեւաչափով։

Հիմնականին մէջ ընտրուած են հոգեւոր բարձր բովանդակութիւն ունեցող, սակայն ներկայիս անյայտ մնացած հեղինակներ ու երկեր, մէկ մասը՝ թարգմանուած գրաբարէն աշխարհաբարի։

Մատենաշարին  նուիրուած էր 6 Յունիսին կայացած առցանց քննարկումը «Հայերէն Blog»-ին միջոցով, որու ժամանակ Առաջնորդարանի աշխատակից եւ մատենաշարի հեղինակակից Դոցենտ Նորայր Պօղոսեան ներկայացուց հատորները, կազմակերպական ընթացքը, բովանդակութիւնը։

«Չկայ որեւէ բան, որ առաքինութիւնց վեր լինի», առաջին հատորէն՝ Յովնան Ոսկեբարենի քարոզներէն մէջբերուած այս խօսքն է մատենաշարի բովանդակութեան առանցքը։