Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի այսօր առաւօտեան կառավարութեան ամենշաբաթեայ նիստէն բացակայելու մասին հաղորդումներէն ետք, անոր գրասենեակը յայտարարութիւն մը տարածեց, ըստ որուն՝ ան հիւանդ է եւ յառաջիկայ երեք օրերուն պիտի աշխատի տունէն։ Այս մասին կը յայտնէ The Times of Israel-ը։
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին համաձայն, գիշերը Նաթանիահուի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, եւ զինք իր տան մէջ զննած է Հատասա-Էյն Քերեմ համալսարանական հիւանդանոցի Ներքին հիւանդութիւններու բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտոր Ալոն Հերշքօն։
Դոկտոր Հերշքօն Նաթանիահուի մօտ ախտորոշած է աղիքային բորբոքում, որ առաջացած է փճացած սնունդ օգտագործելուն հետեւանքով։ Հետագայ հետազօտութենէն ետք, վարչապետին վիճակը գնահատուած է «լաւ», նշած է գրասենեակը։
Հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած ջրազրկումին պատճառով ան ներկայիս հեղուկի ներերակում կը ստանայ։
«Բժիշկներուն ցուցմունքներուն համապատասխան՝ Իսրայէլի վարչապետը յառաջիկայ երեք օրերուն պիտի հանգստանայ եւ պետական գործերը պիտի ղեկավարէ իր տունէն»,- նշուած է գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։
75 տարեկան Նաթանիահուն վերջին տարիներուն ունեցած է առողջական խնդիրներ։ 2023-ի Դեկտեմբերին շագանակագեղձի հեռացման վիրահատութեան ենթարկուած է, իսկ 2024-ի Մարտին ճողուածքի վիրահատութիւն կատարուած է։ Նոյն ամսուն, կրիփի պատճառով, քանի մը օր բացակայած է իր պաշտօնէն։
2023-ին, ան նաեւ սրտի խթանիչ (pacemaker) տեղադրելու վիրահատութեան ենթարկուած էր։
2023-ի Յունուարին հրապարակուած եւ հանրութեան ներկայացուած վերջին բժշկական եզրակացութեան մէջ նշուած էր, թէ Նաթանիահուն «ամբողջովին նորմալ առողջական վիճակ» ունի, սրտի խթանիչը պատշաճ կերպով կ՚աշխատի, եւ սրտի առիթմիայ կամ այլ խնդիրներու նշաններ չկան։