Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն 9 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր առաջին պաշտօնական այցի ընթացքին պիտի հանդիպի Ապու Տապիի թագաժառանգ Մուհամետ պըն Զայէտ ալ-Նահիանին: Այս մասին կը տեղեկացնէ իսրայէլական haaretz.com կայքը:
Ի սկզբանէ ԱՄԷ եւ Պահրէյն եռօրեայ այց նախատեսուած էր իրականացնել նախորդ տարուան դեկտեմբերի սկիզբը: Կ'ենթադրուէր, որ Նաթանիահուն պիտի մասնակցէր երկու երկիրներուն մէջ Իսրայէլի նոր դեսպանատուներու բացման, բայց անկէ ետք ուղեւորութիւնը յետաձգուած է 2 անգամ:
Նաթանիահուն պիտի այցելէ միայն Ապու-Տապի՝ քանի մը ժամով, իսկ դեսպանատան բացման արարողութիւն տեղի պիտի չունենայ:
ԱՄԷ-ն պայմանաւորուած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել 13 օգոստոս 2020-ին, իսկ Պահրէյնը` 11 սեպտեմբերին:
Իսրայէլը ԱՄԷ-ի եւ Պահրէյնի հետ կարգաւորման համաձայնագիր ստորագրած է 15 սեպտեմբերին` Սպիտակ տան մէջ կայացած արարողութեան ժամանակ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել