image

ԱՄՆ պատուիրակութիւնը Պաքուէն պիտի այցելէ Հայաստան

ԱՄՆ պատուիրակութիւնը Պաքուէն պիտի այցելէ Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի եւ զարգացման գործակալութեան (USTDA) տարածաշրջանային տնօրէն Քարլ Քրեսի ղեկավարած պատուիրակութիւնը Պաքուէն պիտի այցելէ Հայաստան, յայտնած է Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»-ը:

Պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ երէկ ընդունած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը: Ամերիկեան եւ ատրպէյճանական կողմերը քննարկած էին «Թրամփի ուղի» նախագիծի իրագործման հեռանկարները։