image

Քուէյթ. Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր Ժողով. Հայ եկեղեցին ներկայացուցած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան

Քուէյթ. Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր Ժողով. Հայ եկեղեցին ներկայացուցած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան

Օրերս Քուէյթի մէջ գումարուած է Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր Ժողովը, որուն իր մեծաշուք մասնակցութիւնը բերած է ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից Երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք, այդ կարեւոր ժողովին մասին «Կիլիկիա» հարթակին վրայ հրապարակուած լրատւութիւնը։

2013 թուականէն ի վեր, Արաբական Ծոցի տարածաշրջանէն ներս գործող եկեղեցական խորհուրդին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մաս կազմելով՝ հիմնադիր եկեղեցիներէն մին եղած է։ Ամէն տարի Յունուար ամսուան ընթացքին կը գումարուի Խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Յիշեալ Խորհուրդին մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի թեմակալ առաջնորդներն ու հոգեւոր հայրերը։

Արդարեւ, 19-21 Յունուար 2026-ին, Քուէյթի մէջ գումարուեցաւ Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը, հիւրընկալութեամբ Քուէյթի իշխան Միշըլ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ-Սապահի։ Ժողովին հայ եկեղեցին կը ներկայացնէր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին քննարկուեցան ծոցի եկեղեցիներու ընդհանուր գործունէութիւնը, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Այս առիթով, ժողովականները այցելեցին Քուէյթի մէջ գործող եկեղեցիները, որոնց շարքին էր նաեւ Սրբոց Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցին։

Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ գործադիր վարչութեան ընտրութիւն։ Մեսրոպ սրբազան հայրը աւարտելով իր շրջանը՝ գործադիր վարչութեան անդամի հերթը անցաւ արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ղպտի եկեղեցւոյ։