Փաքիստանը պիտի մասնակցի Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու երկխօսութեան, որ ուղղուած է երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան թուլացման:
Այս մասին յայտնած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թահիր Անտրապին:
Նշուած է, որ պաշտօնեան PTV հեռուստաալիքին յայտնած է, որ Փաքիստանը հրաւիրուած է Իրան-ԱՄՆ խորհրդակցութիւններուն, եւ որ Իսլամապատի դիրքորոշումը «նկատի պիտի առնուի բանակցութիւններու ընթացքին»։
Ինչպէս Dawn թերթին յայտնած է դիւանագիտական շրջաններու աղբիւրը, պաքիստանեան կողմի մասնակցութիւնը «կը դիտարկուի որպէս լարուածութեան թուլացման վճռորոշ գործօն, քանի որ Իսլամապատը գաղտնի կ՚աշխատի բանակցային գործընթացի աջակցութեան համար»: Պարբերականի զրուցակիցը աւելցուցած է, որ, հաւանաբար, Փաքիստանի դիրքորոշումն առաջիկայ հանդիպման պիտի յայտնէ արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տարը: