image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը դրական կը գնահատէ նախագահ Սիսիի դիրքորոշումները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը դրական կը գնահատէ նախագահ Սիսիի դիրքորոշումները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պաշտօնական այցով ընդունած է Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Պահա Տեսուքին, ներկայութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանի: Պատուիրակութեան մաս  կը կազմէր Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Արմէն Մազլումեան: 

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի ու անոր նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի դերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու գործին մէջ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը բարձր գնահատած է նաեւ Եգիպտոսի պատմական դերը՝ հայ ժողովուրդը հիւրընկալելով իր հողերուն վրայ, նշելով. «Մենք առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունինք Եգիպտոսի հետ, եւ ուրախ ենք եգիպտահայ համայնքին ունեցած դերով՝ ի նպաստ Եգիպտոսի բարգաւաճման ու յառաջընթացին եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ»:

Կաթողիկոսը հաստատեց, որ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ Թուատրոս Բ. պատրիարքը նպաստած է հայ եւ եգիպտական եկեղեցիներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւններու ամրապնդման, յարաբերութիւնները որակելով աւելի քան գերազանց:

Գարեգին Բ. ողջունեց նաեւ Ալ Ազհարի դերը հոգեւոր դիւանագիտութեան խթանման եւ մարդկային եղբայրութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան նախաձեռնութիւններու աշխուժացման գործին մէջ, որովհետեւ բոլոր կրօնները կը գործեն մարդկութեան բարգաւաճման համար:

 

Նիւթի հեղինակ՝ Սայէտ Մահմուտ («Ալ Ահրամ»ի աշխատակից):