image

Մուսալեռցի մեր հայրենակից Րաֆֆի Թովմասեանի նոր յաջողութիւնը

Մուսալեռցի մեր հայրենակից Րաֆֆի Թովմասեանի նոր յաջողութիւնը

Օրերս՝  ամերիկեան բժշկական քննութիւններու փուլերը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Միացեալ Նահանգներու բժշկական համալսարանի վկայականը ստացած է Լիբանանի Այնճարի զաւակ եւ Երեւանաբնակ բժիշկ՝ Րաֆֆի Թովմասեան:  

Այս մասին   «Արեւելք» կը կարդայ  ՝«Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝ Կը շնորհաւորենք մեր գիւղի զաւակներէն, Րաֆֆի Յակոբ Թովմասեանի բժշկութեան վկայականը, մաղթելով` նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձր վերելք։

 

Բժիշկ Րաֆֆի Թովմասեան Միացեալ Նահանգներու բժշկական վկայականի քննութիւններու (USMLE) ճանապարհը սկսած է 2019-ին, ան 8 ամիս պատրաստուելէ ետք յանձնած է առաջին փուլի քննութիւնները հաւաքելով 241 միաւոր: 

2020-ին սկսած է պատրաստուիլ 2րդ փուլին եւ յանձնած է քննութիւնները 4 ամիս ետք հաւաքելով 234 միաւոր:

Բժիշկ Թովմասեան 2019-էն ի վեր կը դասաւանդէ Երեւանի ProfMind Lab-ի մէջ: 

Այս բոլորին զուգահեռ ան ուսանած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան Բժշկական համալսարանը եւ աւարտած 2021-ին:

Ան անցուցած է առցանց բժշկական դասընթացքներ ընտանեկան բժշկութեան եւ ներքին հիւանդութեանց մասին  Ամերիկայի AMITA Health Resurrection բժշկական կեդրոնի եւ OSF Little Company Mary բժշկական կեդրոնի մէջ:

Բժիշկ Թովմասեան կը մասնագիտանայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնին մէջ (American University of Beirut Medical Center) Ընտանեկան Բժշկութիւն: