Ռուսիա մտադիր է օգտագործել Իրանը՝ նաւթի արտահանման պատժամիջոցներէն խուսափելու համար, եթէ համաշխարհային տէրութիւններու հետ Թեհրանի միջուկային համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնէ։
Այս մասին գրած է ամերիկեան Politico հանդէսը՝ վկայակոչելով արեւմտեան դիւանագէտները։
Հրապարակման մէջ ըսուած է, որ յուլիսին Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Իրանի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք Իրան այցելած էին Ռուսիոյ առեւտուրի եւ ֆինանսական գերատեսչութիւններու պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ «Կազփրոմ»ի եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներ։
Վերջին շաբաթներուն Իրան նոյնպէս պաշտօնական երկու պատուիրակութիւններ գործուղած էր Մոսկուա՝ ուժանիւթի եւ ֆինանսական հարցերու շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։
«Իրանի գլխաւոր գրաւչութիւնն այն է, որ այն կրնայ դառնալ պատժամիջոցներու տակ ինկած ռուսական նաւթի վաճառքի պահեստային ուղի։ Դեկտեմբերէն ԵՄ երկիրներն ամբողջական «ամպարկօ» պիտի մտցնեն ռուսական նաւթի ներկրման նկատմամբ։ Սակայն եթէ Իրանի հետ կնքուի միջազգային միջուկային համաձայնագիր, այդ մէկը Փութինի համար կ'ըլլայ կատարելապէս ճիշդ ժամանակին հաշուարկուած «Փլան Բ»: «Փոխանակման» համաձայնագրի համաձայն Իրան կրնայ ներկրել ռուսական նաւթը՝ այն ստանալով Կասպից ծովու իր ափէն, իսկ ետքը Ռուսիոյ անունով վաճառել համապատասխան քանակութեամբ սեփական նաւթ։ Իրան պիտի վերամշակէ ռուսական նաւթը՝ շօշափելի ներքին կարիքները հոգալու համար։ Իսկ երկրի հարաւէն արտահանուող իրանական նաւթը միջուկային համաձայնագրի շնորհիւ պիտի ազատուի պատժամիջոցներէն։
Բացի այդ, պատժամիջոցներէն ազատելով՝ Իրան ժամանակի ընթացքին պիտի կարողանայ իր քարիւղատար շոգենաւերով ռուսական նաւթը տանիլ Կասպից ծովէն դուրս գտնուող նաւահանգիստներէն»,- գրած է Politico-ն։
Սակայն ամէն ինչ կախուած է այն գործարքի վերականգնումէն, որու համաձայն Իրան պէտք է սահմանափակէ իր գործունէութիւնը միջուկային ոլորտի մէջ, նշուած է յօդուածին մէջ։