image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Սթոքհոլմէն Եկած Անգարայի Հարուածը Մոսկուային

Անգարայի խաղի լուսանցքը բաւական կը նեղնայ այս ձեւով, հերթական անգամ Մոսկուան համոզելով, որ Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր հանդէս եկող Թուրքիան աւելի գործընկեր է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ի վերջոյ զինք դարպասող անվտանգային զինուորական ուխտին երկրորդ գլխաւոր ուժն է: Եւ այդպիսով` Հարաւային Կովկաս մտած Տրովադայի ձին:

 

 

Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի  անդամակցութեան դէմ դրուած արգելքի վերացումը սպասուած քայլ էր: Ուաշինկթընը առաջադրած էր սկանտինաւեան երկու երկիրներու անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին: Պայմաններ բեմադրելէ եւ  պատրուակային ձգձգումներէ ետք պարզ էր, որ Անգարան համաձայն պիտի ըլլար ըստ էութեան Ռուսիոյ դաշնութիւնը ՕԹԱՆ-եան ուժերով դարպասելու Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս հաւաքական Արեւմուտքի պահանջին: Խնդիրը ուղղակիօրէն դրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Անգարային ի վերջոյ շատ խուսանաւելու տեղ չէր մնար:

Անգարայի խաղը հասած է վերջնագիծին եւ Շուէտի դէմ դրուած արգելքը վերցուած է: Մոսկուան բնականաբար անհանգիստ է ոչ միայն իր դէմ հիւսուող դարպասումի քաղաքականութեան մէջ  ռազմավարական նկատուող այս քայլի կիրարկումէն, այլ նաեւ Անգարայի կատարած ոստումէն: Մոսկուայի համար եւս պէտք չէ անակնկալ եղած ըլլայ այս նախապատրաստուող ոստումը կամ պարտադրուած քայլը:

Չի բացառուիր անշուշտ, որ Անգարան Մոսկուային փոխանցած ըլլայ այս անխուսափելիութիւնը: Այս քայլին զուգահեռ էր, որ ՕԹԱՆ-ի ամէնէն բարձր մակարդակներէն կը հնչէին ռուսական վտանգին դիմաց ռազմական պատրաստուածութեան գալու կոչերը:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ իրաւասութեան մէջ կը դիտէր այս որոշումը, պարզապէս երեսփրկութեան (ֆէյս սէյվինկ)  յատկանշական յայտարարութիւն կատարելով:

Թուրքիան Շուէտէն ակնկալութիւններ ունէր, յատկապէս քրտական կազմակերպութիւններու գրասենեակները փակելու, կամ իր բառապաշարով` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նստավայրեր չտրամադրելու առումով: Հիմա այդ բոլորը դուրս եկած են պայմաններու ցանկէն:

Այս քայլին դիմաց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Վիքթորիա Նուլընտը այցելած է Անգարա: Այնտեղ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատարը հանդիպած է  բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու եւ գործարար շրջանակներու ղեկավարներու հետ` քննարկելով երկկողմ, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցերու ամբողջ շրջանակը:

Նուլընտը յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ին Շուէտի անդամակցութեան Անգարայի համաձայնութենէն ետք կը վերադառնան լիարժէք համատեղ աշխատանքի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Պաշտօնական լրահոսէն այնպէս կ՛ընկալուի, որ ամբողջ տարածաշրջանի եւ համաշխարհային հարցերու թղթածրարներու համատեղ քննարկումը եւ աշխատանքներու սլաքներու համակարգումը կախեալ էր Շուէտի խնդիրէն: Անգարան ենթարկուած է Միացեալ Նահանգներու պահանջին, որուն դիմաց Ուաշինկթընը վերստին կը համատեղէ իր երկրի եւ Թուրքիոյ անվտանգային եւ տնտեսական համագործակցութիւնները:

Տնտեսական ոլորտի տրամաբանութիւնը աւելի երեւելի է: Միացեալ Նահանգները Թուրքիան կը պատանդառեն իր տնտեսութեամբ: Թրքական դրամանիշի կտրուկ անկումները յանկարծակի չեն ըլլար եւ կապուած չեն զուտ շուկայական կամ ֆինանսական ելեւէջներէ: Ուաշինկթընը կը հեռակառավարէ Թուրքիոյ ֆինանսական քաղաքականութիւնը  եւ զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ ճնշամիջոց` արգիլելով, որ իր կողմէ ճշդուած սահմաններէն դուրս գայ Թուրքիան:

Անվտանգայինը առաջին հայեացքով կրնայ վերաբերիլ «Էֆ 16»-ներու խնդիրին, որ հանգուցային էր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ գործօնային` թուրք-ռուս համագործակցութեան:

Ռուսիոյ դաշնութիւնը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն: Շուէտի ճամբով իրեն հասած թրքական հարուածը անհետեւանք չի մնար: Անգարան այսպիսով լուրջ հարուած կը հասցնէ եւ մասնակից կը դառնայ իր ռազմավարական վերջին գործընկերը թշնամի ուժերով շրջապատելու ամերիկեան քաղաքականութեան:

Անգարայի խաղի լուսանցքը բաւական կը նեղնայ այս ձեւով, հերթական անգամ Մոսկուան համոզելով, որ Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր հանդէս եկող Թուրքիան աւելի գործընկեր է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ի վերջոյ զինք դարպասող անվտանգային զինուորական ուխտին երկրորդ գլխաւոր ուժն է: Եւ այդպիսով` Հարաւային Կովկաս մտած Տրովադայի ձին: