image

Ուաշինկթընէն առաջարկներ՝ Քիեւին եւ Մոսկուային

Ուաշինկթընէն առաջարկներ՝ Քիեւին եւ Մոսկուային

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը: Մարքօ Ռուպիոն Մարք Ռիւթէին տեղեկացուցած է հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկներու մասին, որոնք Ուաշինկթընն աւելի վաղ ներկայացուցած է Քիեւին եւ Մոսկուային: 

«Նախագահ Թրամփ եւ Միացեալ Նահանգները յոյսով են, որ առաջարկը կ՚ընդունուի եւ Ուքրանիոյ մէջ կայուն խաղաղութիւն կը հաստատուի», - նշած է Ռուպիոն՝ առանց մանրամասնելու՝ ինչ առաջարկի մասին է խօսքը։

Արտաքին գործոց նախարարը կրկնած է Թրամփի խօսքերը՝ եթյ շուտով խաղաղութեան հեռանկար չնշմարուի, Ուաշինկթընը պիտի հրաժարի միջնորդական ջանքերէն։