Առասպելական գաղտնի հետախոյզ, Խորհրդային Միութեան հերոս Գէորգ Վարդանեանի յուշարձանը բացուած է Մոսկուայի մէջ` անոր անունը կրող № 2070 դպրոցի տարածքին:
Վարդանեանը կը համարուի ռուսական գաղտնի հետախուզութեան ամենավառ խորհրդանիշներէն մէկը, որուն հարիւրամեակը կը լրանայ Յունիս 28-ին: Դպրոցը կը գտնուի Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան գլխաւոր գրասենեակին մօտ:
Յուշարձանին հեղինակը քանդակագործ Ալեքսանտր Կոլովաչովն է: Աւելի վաղ ան ըսած էր, որ Վարդանեանին պատկերած է բազմաթիւ լուսանկարներէ անոր յայտնի կեցուածքով` ձեռքերը մէջքին եւ «մտաւորականի նուրբ ժպիտը` առնական դէմքին»:
Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան փոխտնօրէն Եւկենի Քոլեսնիքովը, Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, արտաքին հետախուզութեան վեթերանների կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, № 2070 դպրոցի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: