image
Հրատապ լուրեր:

Յետընտրական Հայաստան․ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները. ՌԱԿ-ի կազմակերպութեամբ՝ Էդուարդ Անտինեանի հրապարակային Զրոյց-դասախօսութիւնը՝ Լոս Անճելըսի մէջ

Յետընտրական Հայաստան․ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները. ՌԱԿ-ի կազմակերպութեամբ՝  Էդուարդ  Անտինեանի հրապարակային Զրոյց-դասախօսութիւնը՝ Լոս Անճելըսի մէջ

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ յետընտրական շրջանը կը բանայ նոր եւ վճռորոշ փուլ մը։ Ներքին քաղաքական զարգացումները, տնտեսական անորոշութիւնները, անվտանգային խնդիրները եւ տարածաշրջանային ու միջազգային արագ փոփոխութիւնները Հայաստանի առջեւ կը դնեն բազմաշերտ մարտահրաւէրներ։ Այս հարցերուն շուրջ հանրային քննարկումը կը պահանջէ սթափ գնահատում, խորքային վերլուծութիւն եւ ապագային ուղղուած տեսլական։

ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ․ ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ

Հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական

Վարչութեան Եւ

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ - ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Նիւթ՝

Յետընտրական զարգացումները եւ
Հայաստանի
Ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները

Ելոյթ կ'ունենայ յայտնի տնտեսագէտ, քաղաքագէտ եւ վերլուծաբան՝

Էդուարդ Անտինեան

Նշենք, որ երեկոյթի  ժամանակ կազմակերպիչ մարմնին կողմէ յաւուր պատշաճի խօսք  պիտի արտասանէ ՌԱԿ-եան պատասխանատուներէն՝  Գէորգ Հալէպլեան 

Տեղի կ'ունենայ Ուրբաթ 4 Սեպտեմբեր, 2026 Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ ժամը 7:00-ին,

հասցէ ՝ 117 S. Louise st. Glendale, CA., 91205