image

Պեսընթը կարեւոր կը համարէ Ռուսիոյ հետ շփումները, հակառակ եւրոպական երկիրներու դժգոհութեան

Պեսընթը կարեւոր կը համարէ Ռուսիոյ հետ շփումները, հակառակ եւրոպական երկիրներու դժգոհութեան

Միացեալ Նահանգները պէտք է շփուի ուքրանական հակամարտութեան բոլոր կողմերուն հետ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը Եւրոպայի երկիրներու դժգոհութիւնը առաջացնէ, քանի որ հակառակ պարագային կարելի չէ լուծել հակամարտութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսընթը։

Անոր հարց ուղղուած է Ռուսիոյ ֆինանսներու նախարար Անթոն Սիլուանովի հետ «Մեծ քսանեակ»-ի (G20) ծիրէն ներս տեղի ունեցած շփումներու մասին։

«Գիտեմ, որ սա Եւրոպայի մէջ ոմանց դժգոհութիւնը յառաջացուցած է, բայց կը կարծեմ, որ կարեւոր է շփումներ ունենալը։ Հակառակ պարագային, եթէ երկու կողմերն ալ պարփակուին իրենց մէջ, ապա այս սարսափելի հակամարտութեան որեւէ լուծում պիտի չըլլայ», ըսած է Պեսընթը սեպտեմբեր 1-ին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին, որուն տեսանիւթը տարածած է «New York Post»-ը։

Պեսընթ աւելցուցած է, որ «Մեծ քսանեակ»-ի ֆինանսներու նախարարներու գագաթնաժողովին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը չէ ազդած բանակցութիւններուն վրայ։

Ռուսիոյ ֆինանսներու նախարարին մասնակցութիւնը G20-ի գագաթնաժողովին առաջինն է՝ 2022 թուականին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ ծաւալած պատերազմէն ի վեր։