Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեան կալանաւորուած է։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Քննչական կոմիտէէն։
Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթին շրջածիրէն ներս անյետաձգելի քննչական եւ վարութային գործողութիւններ իրականացուած են ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի, անոր որդիի բնակարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած շուրջ 21 ընկերութիւններու գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու մէջ։
Գագիկ Խաչատրեան սեպտեմբեր 1-ին ձերբակալուած էր։ Քննչական կոմիտէն դատարան ներկայացուցած էր զայն կալանաւորելու միջնորդութիւն։