image

Մոսկուայի մէջ անձնասպան եղած է հայ գործարար՝ Արտեոմ Ասլանեան

Մոսկուայի  մէջ անձնասպան եղած է հայ գործարար՝ Արտեոմ Ասլանեան

Մոսկուայի մէջ ինքնասպանութիւն գործած է ռուսաստանցի գործարար Արտեոմ Ասլանեան։ Անոր մարմինը յայտնաբերուած է «Воробьевы горы» («ճնճղուկի բլուրներ») էլիտար բնակելի համալիրի տարածքին մէջ, յայտնած է Mash Telegram-ալիքը։

Նախնական տուեալներով՝ մահանալէ առաջ Ասլանեան հաղորդագրութիւն ուղարկած է մօրը, ուր խօսած է մեծ թիւով գործերու մասին, եւ որ «ընդհանրապէս ամէն ինչէն յոգնած է»։ Անկէ ետք ան անձնասպանութիւն գործած է: Աւելի ուշ գործարարի դին բնակելի համալիրի տարածքին մէջ յայտնաբերած է հաւաքարարը։ Կ'ենթադրուի, որ անձնասպանութեան յանգեցուցած են ձեռնարկութեան խնդիրները, գրած է Lenta-ն։

Շաբաթ օր՝ 29 հոկտեմբերին, ռուս գործարարը դարձած է 39 տարեկան։ Mash-ը նաեւ մանրամասնած է, որ ան ռեստորանային ձեռնարկութեան եւ սնունդի սպասարկման հետ կապուած հինգ ընկերութիւններու հիմնադիր եղած է։ Անոնց շարքին են Moscow Food-ը, «Փարք Մենէյճմընթը», Istanbul Kebab-ը, Bluefin-ը եւ քաղաքին մէջ եւս մեկ ընկերութիւն: