image

«Պատիւ ունեմ»-ի նախագիծը չընդունուեցաւ. Աղազարեանն ու Ասլանեանը ձեռնպահ էին

«Պատիւ ունեմ»-ի նախագիծը չընդունուեցաւ. Աղազարեանն ու Ասլանեանը ձեռնպահ էին

Ազգային ժողովը հոկտեմբեր 21-ին չընդունեց «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան հեղինակած «Ազգային ճգնաժամի եւ կառավարման ձախողման մասին» ՀՀ Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը։ Մինչ այդ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը նշած է, որ եթէ յունիս 7-ին ձեւաթուղթի տակ 6 պատգամաւոր  ստորագրած էր, ապա այժմ 34 ստորագրութիւն ունին։

Մամիջանեանն անդրադարձած է նաեւ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին, որ առնչութիւն չունի այս յայտարարութեան նախագիծի հետ. առանձին գործընթաց է։

Ըստ Մամիջանեանի՝ Ազգային ժողովի որեւէ խմբակցութեան մէջ չընդգրկուած պատգամաւորներ՝ Յովիկ Աղազարեանն ու Յակոբ Ասլանեանը պիտի չխոչընդոտեն այդ գործընթացը։

Անոր ելոյթէն ետք Յովիկ Աղազարեանը յայտարարած է, որ հանդիպած է Մամիջանեանի հետ եւ ըսած, որ պիտի չխոչընդոտէ, բայց դեռ շատ հարցեր կան քննարկելու։ Որպէս արդիւնք Աղազարեանն ու Ասլանեանը ոչ թէ կողմ քուէարկած են «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան հեղինակած յայտարարութեան նախագիծին, այլ ձեռնպահ։

Յայտարարութեան նախագիծին մէջ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը կը մեղադրէր կառավարութիւնը պետական կառավարման բոլոր ոլորտներու մէջ ձախողման մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած էր ազգային անվտանգութեան համակարգի խարխլումը, մասնաւորապէս՝ «Արցախի կորուստը, ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան խաթարումը, ժողովրդավարութենէն նահանջը, քաղաքական բանտարկեալներու առկայութիւնը, ծաղկող փտածութիւնը եւ տնտեսական անկումը»։

Որպէս ստեղծուած իրավիճակի սահմանադրական լուծում՝ ընդդիմադիր խմբակցութիւնը առաջարկած էր Ազգային ժողովի կողմէ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսիլ։ Ատոր պէտք է յաջորդէր Ազգային միասնութեան անցումային կառավարութեան ձեւաւորումը, որու գերակայութիւններէն պէտք է ըլլային անվտանգութեան կայունացումը, օրէնքի գերակայութեան վերականգնումը, քաղբանտարկեալները ազատ արձակելը եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը։