image

Արհեստագիտութեան ոլորտի ՝ NDIGITEC կազմակերպութեան 20-ամեակը. Այդ մասին գրառում կատարած է յաջողակ գործարար՝ Վաչէ Գավլաքեան

 Արհեստագիտութեան ոլորտի ՝ NDIGITEC կազմակերպութեան 20-ամեակը. Այդ մասին գրառում կատարած է յաջողակ գործարար՝ Վաչէ Գավլաքեան

 Օրերս իր լրումին հասաւ ԱՄԷ-ի մէջ հիմնադրուած եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած NDIGITEC ձեռնարկութեան 20-ամեակը։ 

Նախաձեռնութիւն մը, որ շատ ու շատ առումներով սեպհական յաջողութեան կողքին կարեւորագոյն դեր ունեցած է խթանելու Սփիւռք-Հայաստան կապերը, այդպիսով ալ նոր եռանդ բերելով այս ոլորտին մէջ շեշտակի ներկայութիւն ունեցող երիտասարդներուն մօտ։

 Այս բոլորին մասին կարեւոր ուղերձ-գրառումով մը հանդէս եկած է հաստատութեան տնօրէն՝ Տիար Վաչէ Գավլաքեանը։

 «Արեւելք» անգլերէնէ թարգմանելով ստորեւ կը ներկայացնէ այդ գրառումը։

 Գավլաքեան կը գրէ՝ 

 

 NDIGITEC-ի 20 Տարին․ Եռանդի, առաջընթացի եւ նպատակասլացութեան ճանապարհրորդութիւն մը

Այս ամիս մենք կը նշենք կարեւոր հանգրուան մը, որ մեզ կը լեցնէ հպարտութեամբ

● NDIGITEC-ի 20 տարի

● Գաղափարներ կեանքի կոչելու 20 տարի

● Նորարարութեան, նուիրումի եւ գերազանցութեան 20 տարի

● Բացառիկ բան կառուցելու 20 տարի՝ ՄԻԱՍԻՆ

Մեր աշխատակիցներուն, գործադիրներուն (ղեկավարներուն) եւ բոլոր բաժիններու խումբերուն՝

Դուք այս ճանապարհորդութեան սիրտն ու հոգին էք։ Արարելու ձեր կիրքը, հաստատակամութիւնն ու ազնւութիւնը ձեւաւորած են մեր էութիւնը։

Մեր յաճախորդներուն եւ գործընկերներուն՝

Շնորհակալութիւն վստահութեան, համագործակցութեան եւ բաժնեկցուած տեսլականին համար։ Դուք մեզ մղեցիք աճելու, ոգեշնչեցիք կատարելագործուիլ եւ ուղեկից եղաք մեզի իւրաքանչիւր քայլի եւ յաջողութեան ընթացքին։

Մեր մատակարարներուն եւ ոլորտի գործակիցներուն

Շնորհակալութիւն, որ հնարաւորութիւն տուիք մեր կարողութիւնը դրսեւորելու եւ հաւատացիք մեր առաքելութեան։

Մենք միասին կառուցեցինք աւելին քան պարզապէս ընկերութիւն մը։

Մենք կառուցեցինք մշակոյթ։ Համայնք։ Որակի, ստեղծագործութեան եւ անընդհատ վերափոխման ժառանգութիւն։

Եւ այսօր կը նայինք ապագային՝ աւելի համարձակ երազներով, աւելի խելացի գործիքներով եւ աւելի խոր նպատակներով։

➢ Արհեստական Բանականութիւն (AI)

➢ Կայունութիւն

➢ Թուային փոխակերպում

➢ Մարդկային ստեղծագործութիւնը՝ որպէս հիմք

 Գալիք 20 տարիները պիտի չըլլան միայն համընթաց քալելու, այլեւ՝ առաջնորդելու մասին։

Ուրեմն՝ բոլոր անոնց, որոնք եղան մեր պատմութեան մէկ մասը,

եւ անոնց, որոնք պիտի օգնեն մեզի գրել մեր պատմութեան յաջորդ գլուխը։

Շնորհակալութիւն։ Մենք մեր առաքելութիւնը դեռ նոր պիտի սկսինք։