Անգարան եւ Պաքուն չեն կրնար անտեսել Հայաստանի հարցով Մոսկուայի եւ Թեհրանի դիրքորոշումը: Այս մասին ըսաւ ռուս փորձագէտ, իրանագէտ Կարինէ Գէորգեանը:
Ան յիշեցուց իրանեան կողմի դիրքորոշումը, որ դէմ է միջանցքի ստեղծման (այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցք):
Ալիեւին ձեռնտու է խօսիլ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի մասին առաջին հերթին ներքին լսարանի, մասամբ նաեւ թուրք հանդիսատեսի համար:
«Այո, ան կը փորձէ հասնիլ անոր, բայց երկու ուժեղ եւ հզօր խաղցողներ տարածաշրջանին մէջ` ի դէմս Մոսկուայի եւ Թեհրանի, կը հակադրուին:
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չեն կրնար անտեսել անոնց դիրքորոշումները:
Այս ամէնը չի նշանակեր, որ Ատրպէյճանի կողմէ գնդակոծութիւնը անմիջապէս պիտի դադրի», նշեց փորձագէտը: