image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան Երեւանը եւ Պաքուն կը յորդորէ նուազեցնել ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը

Մոսկուան Երեւանը եւ Պաքուն կը յորդորէ նուազեցնել ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը

Մոսկուան Երեւանին եւ Պաքուին կոչ կ՚ընէ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ նուազեցնելու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը։ Այս մասին ապրիլ 10-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին։

«Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բոլոր տարածքային վէճերն ու փոխադարձ պահանջները պէտք է կարգաւորուին քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներով»,-ըսած է ան։

Զախարովայի խօսքով՝ Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու կողմերուն լուծումներ գտնելու, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման հարցով։

Ըստ անոր՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ բոլոր մեխանիզմները կան: Այս ծիրէն ներս Զախարովան յիշեցուցած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու մասին: