Իսրայէլի հետախուզութեան`«Մոսատ»-ի ղկավար Տէվիտ Պարնէան յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Ուաշինկթըն՝ նոր միջուկային համաձայնագիր (Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիր) կնքելու Իսրայէլի ջանքերու շրջածիրէն ներս։ Ե՛ւ Պարնէան, ե՛ւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներն այն անուանած են «վատ» գործարք: Այս մասին գրած է Times of Israel-ը:
Կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան կիրակի հաստատած է, որ Սպիտակ տունը տեղեակ է Պարնէայի այցի մասին, սակայն չէ մանրամասնած՝ արդեօք Պայտընի վարչակազմը ներգրաւուած է ծրագրերու կազմման մէջ, թէ ոչ: Պաշտպանութեան նախարար Պենի Հանցէն եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Էիալ Հուլաթէն ետք Պարնէան Իսրայէլի երրորդ բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ վերջին օրերուն կ'այցելէ Ուաշինկթըն՝ քննարկելու Իրանի գործարքը:
«Մոսատ»-ի տնօրէնը աւելի վաղ լրագրողներուն ըսած էր, որ գործարքը «շատ վատ է Իսրայէլի համար» եւ «հիմնուած է սուտի վրայ»: Պարնէան, Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտը եւ պաշտպանութեան նախարար Պենի Հանցը միակարծիք են՝ որ «Իսրայէլը պարտաւորուած պիտի չըլլայ համաձայնագրով՝ իրեն իրաւունք վերապահելով քայլեր ձեռնարկելու իրանական միջուկային ծրագրի դէմ», - նշած են լրատուամիջոցները։
«Իսրայէլեան ուժերուն եւ «Մոսատ»-ին մեր կողմէ հրահանգ տրուած է պատրաստուելու որեւէ սենարի։ Մենք պատրաստ ենք գործելու Իսրայէլի անվտանգութիւնը պահպանելու համար. Ամերիկացիները այդ կը հասկնան, աշխարհը այդ կը հասկնայ, եւ իսրայէլեան հասարակութիւնը նոյնպէս պէտք է այդ մէկը գիտնայ», -ըսած է Լափիտը լրագրողներուն: