image

Միրզոյեանը հանդիպած է Լաւրովի հետ

Միրզոյեանը հանդիպած է Լաւրովի հետ

Ապրիլ 14-ին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի միջեւ հանդիպում կայացած է, կը յայտնէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ուզպեքստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջածիրէն ներս։

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ:

Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է ապրիլ 11-ին ՀՀ Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմէ իրականացուած սադրանքի մանրամասներ՝ նշելով, որ այն Ատրպէյճանի ընդհանուր յարձակողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն էր:

Անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի՝ արդէն չորս ամիս շարունակուող արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Ընդգծուած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերացման անհրաժեշտութիւնը՝ 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

Հանդիպման ընթացքին Արտաքին գործոց նախարարներն անդրադարձած են նաեւ երկկողմ օրակարգի հարցերու։

Լաւրով ասուլիսի ժամանակ Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքը անուանած է հայկական

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Սամարղանտի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար:

«Որոշում կայացուած է, որ այս տարի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) մարզական մայրաքաղաք պիտի ըլլայ Մինսքը, իսկ 2024-ին՝ հայկական Գիւմրին: Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երիտասարդական մայրաքաղաքներու մասով... յաջորդ տարի պիտի ըլլայ Թաշքենտը, 2025-ին՝ հայկական Կապալան, 2026-ին՝ հայկական Ղափանը», -ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ ատրպէյճանական Կապալան անուանելով հայկական: