image

Մինսքեան խումբի ամերիկացի համանախագահը շրջան պիտի այցելէ

Մինսքեան խումբի ամերիկացի համանախագահը շրջան պիտի այցելէ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրն այս շաբաթ պիտի այցելէ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Ուետանթ Փաթելը։

Ան նշած է, որ սա պիտի ըլլայ Ռիքըլի առաջին ուղեւորութիւնը նոր դերով։ «Յոյսով ենք, որ տարածաշրջան այցերը պարբերական պիտի ըլլան։ Ան պիտի մեկնի այսօր երեկոյեան, եւ պիտի այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ երեք երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ տարածաշրջանի առանցքային խնդիրները, ինչպէս նաեւ վիճելի հարցերու կառուցողական լուծման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար աջակցութեան ու անմիջական ներգրաւման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար»,-ըսած է Փաթելը: