image

Միաժամանակ Իսրայէլ պիտի հարուածէ Կազզան

Միաժամանակ Իսրայէլ պիտի հարուածէ Կազզան

Իսրայէլ այս գիշեր «սահմանափակ, տեղայնացուած» ցամաքային գործողութիւն սկսած է Լիբանանի հարաւին մէջ, որու նպատակն է Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններու բնակիչներու անվտանգութեան ապահովումը։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։

«Քաղաքական ղեկավարութեան որոշման համաձայն՝ քանի մը ժամ առաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը սկսած է սահմանափակ, տեղայնացուած եւ թիրախաւորուած ցամաքային յարձակումներ՝ հիմնուելով հարաւային Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի ահաբեկչական թիրախներու եւ ենթակառուցուածքներու դէմ ճշգրիտ հետախուզութեան վրայ:

Այս թիրախները կը գտնուին սահմանամերձ գիւղերու մէջ եւ անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող իսրայէլեան համայնքներու համար», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետ միասին Իսրայէլը պիտի շարունակէ ռազմական գործողութիւնները նաեւ Կազայի հատուածին մէջ։

««Հիւսիսի նետեր» գործողութիւնը պիտի շարունակուի՝ ըստ իրավիճակի գնահատման եւ Կազայի եւ այլ տարածքներու մէջ մարտերուն զուգահեռ», -աւելցուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։