Այժմ Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը դառնան աւելի կառուցողական, եւ կարեւոր է, որ մեր միջեւ կայ մշտական երկխօսութիւն: Այս մասին գրած է Վլատիմիր Զելենսքին՝ անդրադառնալով իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցին։
Ան նշած է, որ զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Զելենսքիի՝ վերջերս Հայաստան կատարած այցի արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հետագայ համագործակցութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները։