Միացեալ Նահանգները մերժած է մուտքի արտօնագիր (վիզա) տրամադրել Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին՝ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Agence France-Presse»-ը (AFP)՝ վկայակոչելով անանուն աղբիւրը։
Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ առանձին յայտարարութեան մէջ, ուր Ապպասի անունը չէ յիշատակուած, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ մուտքի արտօնագիրներ պիտի չտրամադրէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան անդամներուն եւ Պաղեստինեան վարչակազմի պաշտօնեաներուն՝ անոնց կողմէ բարեփոխումներ չիրականացնելու եւ խաղաղութեան հեռանկարները խաթարող շարունակական գործունէութեան պատճառով։
Աղբիւրը հաստատած է, որ այդ միջոցառումը կը վերաբերի նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին։
Ուաշինկթըն նաեւ մեղադրած է պաղեստինեան կազմակերպութիւնները իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը միջազգայնացնելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու մէջ, ներառեալ՝ Միջազգային քրէական դատարանին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին միջոցով։
Թրամփի վարչակազմը նման քայլի դիմած էր նաեւ անցեալ տարի՝ ստիպելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի մշտական մասնակից Պաղեստինի առաջնորդին տեսակապով դիմելու աշխարհի երկիրներու ղեկավարներուն։