image

Միացեալ Նահանգներ երկարաձգեց հրադադարը

Միացեալ Նահանգներ երկարաձգեց հրադադարը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Փաքիստանի խնդրանքով կ՚երկարաձգէ Իրանի հետ ապրիլ 8-ին հաստատուած երկշաբաթեայ հրադադարը, որու ժամկէտը կը լրանայ ապրիլ 22-ին։ Այս մասին ան գրած է Truth Social հարթակին վրայ։

Թրամփի խօսքով՝ Իրանի վրայ յարձակումները պիտի կասեցուին, մինչեւ այդ երկրի «առաջնորդները եւ ներկայացուցիչները կարենան միասնական առաջարկով հանդէս գալ»։

Միեւնոյն ժամանակ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը պիտի շարունակուի։

«Հետեւաբար, ես մեր զինուած ուժերուն հրահանգած եմ շարունակել շրջափակումը եւ ամէն առումով մնալ պատրաստ եւ կարողունակ։ Հրադադարը պիտի երկարաձգուի այնքան ժամանակով, մինչեւ անոնք առաջարկ ներկայացնեն, եւ քննարկումները աւարտին՝ այս կամ այն կերպ»,– աւելցուցած է Թրամփը։

Մէկ այլ գրառման մէջ ԱՄՆ նախագահը նշած է, թէ Իրանը չուզեր, որ Հորմուզի նեղուցը փակ մնայ, քանի որ այդ պատճառով օրական 500 միլիոն տոլար կը կորսնցնէ։ Թրամփի խօսքով՝ եթէ Իրանի ծովային շրջափակումը աւարտի, ապա անոնց հետ «երբեք գործարք պիտի չկնքուի, մինչեւ մենք չպայթեցնենք անոնց երկրի մնացեալ հատուածը, ներառեալ անոնց ղեկավարները»։

Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆը X-ի վրայ իր եւ ֆելտմարշալ Ասիմ Մունիրի անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Թրամփին՝ Իրանի հետ հրադադարը երկարաձգելու համար՝ նշելով, որ այդ  թոյլ կու տայ շարունակել դիւանագիտական ջանքերը։ Ան յոյս յայտնած է, որ երկու կողմերն ալ պիտի շարունակեն պահպանել հրադադարը եւ Իսլամապատի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններու երկրորդ փուլի ընթացքին պիտի հասնին խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի։