Մեզի համար Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախի էջը փակուած չէ։ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան նուիրուած «Վերադարձ» միջոցառման ժամանակ յայտարարած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։
«Թշնամական քարոզչութիւնն ինչպէս Հայաստանից դուրս, այնպէս էլ, ցաւօք, Հայաստանում, թիրախաւորել է արցախցիներին։ Փորձում են Արցախի հայաթափումը ներկայացնել որպէս արցախցիների՝ «չպայքարելու» հետեւանք։
Ուզում եմ ասել՝ դուք չէ՛ք պարտուել, դուք դաւաճանուել էք։
Արցախը չի՛ ընկել, Արցախը յանձնուել է։ Արցախը յանձնուել է՝ Ադրբեջանի մաս ճանաչուելով, մնալով մենակ։
Արցախը յանձնուել է՝ Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ-Ռեճէպ Էրտողան համագործակցութեամբ եւ յանցաւոր համաձայնութեամբ»,- ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան։
Ան նշած է նաեւ, որ այսօր պահն է վերաիմաստաւորելու մեր մօտեցումները եւ գտնելու վերականգնման ուղիները։