Գալիֆորնիոյ մէջ ամուսնական զոյգը բանտարկութեան դատապարտուած է՝ «Քովիտ»-ի օգնութեան ֆոնտերու միջոցով անօրինական աւելի քան 20 միլիոն տոլար ստանալու համար, սակայն իշխանութիւնները նախ պէտք է բռնեն զանոնք:
43-ամեայ Ռիչըրտ Այվազեանը դատապարտուած է 17 տարուան, իսկ անոր կինը՝ 37-ամեայ Մարիեթա Տէրաբէլեանը՝ 6 տարուայ ազատազրկման, դրամատնային խարդախութեան եւ փողերու լուացման համար, կը յայտնէ ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութիւնը։
Այս երկուքը փախուստի մէջ են, այդ պատճառով ալ հեռակայ դատապարտուած են։ Դաշնային պաշտօնեաները ըսած են, որ Օգոստոս 29-ին անոնք անջատած են իրենց հետեւող ապարանջանները:
Դատավճիռը կայացնելու պահուն դատաւոր Սթիվըն Վ. Ուիլսընը Այվազեանը բնութագրած է որպէս «անսիրտ խարդախ, որ չի յարգեր օրէնքը», որ «խարդախութիւնը կը համարէ ձեռքբերում»։ Դատաւորը հինգ տարուայ ազատազրկման դատապարտած է նաեւ Այվազեանի եղբօրը՝ 41-ամեա Արթուրը։
Յունիս 25-ին դաշնային ժիւրին Ռիչըրտ Այվազեանը, Արթուր Այվազեանը եւ Տէրաբէլեանը մեղաւոր ճանչցած է դրամատնային խարդախութիւններ եւ ելեկտրոնային միջոցներու օգտագործմամբ խարդախութիւններ կատարելու մէջ:
Ռիչըրտ Այվազեանը եւ անոր եղբայրը դատապարտուած են նաեւ ծանրացուցիչ հանգամանքներու մէջ անձնական տուեալներ գողնալու համար։
Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն Ռիչըրտ Այվազեանի եւ Տէրաբէլեանի մասին տեղեկութիւններու համար մինչեւ 20.000 տոլար պարգեւ կ'առաջարկէ։