image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ պահքի հիմքերը

Մեծ պահքի հիմքերը

Մեծ պահքի առաջին օրն է:

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն իւրայատուկ եւ խորհրդաւոր շրջաններէն մէկը՝ Մեծ պահքի շրջանը: Այս տարի Մեծ պահքը կը սկսի 12 փետրուարին եւ կ՚աւարտի 22 մարտին: Աստուծոյ ողորմութեամբ ու բարերար կամքով, այս տարի եւս մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ ամէնօրեայ կարճ գրութիւններով պիտի փորձենք միասնաբար կատարել այս հոգեւոր ճամբորդութիւնը, փորձելով արժանանալ Տէր Յիսուսին հանդիպելու՝ Իր Հրաշափառ Յարութեան:

Այս տարուան մեր խորհրդածութիւնները կը սկսինք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի Մեծ պահքի հոգեւոր բճամբորդութեան մասին ըսած հայրական խօսքով:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, կրկին Մեծ պահքի շրջանին մէջ ենք: Մեծ պահքի ընթացքին կը յորդորեմ եւ կը քաջալերեմ որպէսզի բոլորս միասնաբար, գործադրութեան մէջ դնենք գործնական այն երեք առաքինութիւնները, որոնք կը կազմեն Մեծ պահքին հիմքը.

Աղօթք:

Ծոմապահութիւն-պահեցողութիւն:

Ողորմութիւն:

ա. Աղօթքի միջոցով մենք մեր Երկնաւոր Հօր հետ մեր յարաբերութիւնը կը հաստատենք ու կը զարգացնենք:

բ. Ծոմապահութեամբ, պահեցողութեամբ, մենք ինքնահայեցողութիւն կը կատարենք, կը զսպենք մեր ցանկութիւնները եւ մենք մեզ կը տրամադրենք, որպէսզի այդ յարաբերութեան մէջ կարողանանք խորանալ ու հասկնալ այդ յարաբերութեան էութիւնը:

գ. Ի վերջոյ, ողորմութեան միջոցով մենք մեր սէրը կ՚արտայայտենք մեր դիմացինին հանդէպ:

Հետեւաբար, այս երեք գործնական առաքինութիւններուն միջոցով՝ Աստուծոյ, մեր անձին եւ մեր դիմացինին հանդէպ սիրոյ այդ դրսեւորումը Մեծ պահքի ընթացքին մեր կեանքին մէջ թող զօրանայ: Աւելին, այս գործնական առաքինութիւններով Մեծ պահքի ընթացքին պատրաստուինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը միասնաբար դիմաւորելու եւ տօնախմբելու:

Թող Աստուած զօրացնէ բոլորիս այս հոգեւոր ճամբորդութեան մէջ: Աստուծոյ օրհնութիւնները բոլորիս հետ ըլլան այսօր եւ յաւիտենաս: Ամէն:

 

Վարանդ Քորթմոսեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...