image

Մեծ երկրաշարժ Մարոքի մէջ. Զոհերու թիւը անցած է 600-ը

  Մեծ երկրաշարժ Մարոքի մէջ. Զոհերու թիւը անցած է 600-ը

Մեծ երկրաշարժ մը ցնցած է Մարոքը, որուն հետեւանքով գրանցուած են հարիւրաւոր զոհեր։

 Այս մասին կը գրէ «Ալ Մայատին» կայքը նշելով, որ երկրաշարժը եղած է 7 ռիխթըր աստիճանի եւ անոր կեդրոնը կը գտնուի Մարաքէշ քաղաքի հարաւային «Հոզ» շրջանին մէջ։

 Իր կարգին Ռօյթըրզ կը հաղորդէ, որ Մարոքի բազում քաղաքներ ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհերուն թիւը անցած է 630-ը եւ այս թիւը կրնայ շուտով բարձրանալ։

 Գործակալութիւնը նաեւ կը յաւելէ, որ ԱԻՆ մարմիններ դժուարութիւն ունեցած են նախնական օժանդակութիւն հասցնելու լեռնային ճանապարհներու դժուարահասանելի ըլլալուն հետեւանքով։

Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու Մարոքի մէջ եղած երկրաշարժը ամենասաստիկն էր անցնող 100 տարուան ընթացքին։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի