image

«Մետայլի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

«Մետայլի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

Օրերս Այնճար հայաւանին մէջ տեղի ունեցաւ«Մետալի Հակառակ Կողմը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ ժապաւէնի արտադրող եւ գլխաւոր դերասանուհի Աննա Մաքսիմի:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Մուսա լեռ» դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք լրատւութիւնը՝ 

Նախաձեռնութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին, Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ "Կարմիր Լեռ" կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին , Երեքշաբթի, 29 ապրիլին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի "Մովսէս Տէր Գալուստեան" սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ Հայաստանէն հրաւիրուած ժապաւէնի արտադրող եւ գլխաւոր դերասանուհի Աննա Մաքսիմի:

ՋԱՀ յանձնախումբի ներկայացուցիչ`  Շողեր Գառնէշեան  ողջունելէ ետք ներկաները, փոքր բացատրութեամբ մը ներկայացուց ժապաւէնը , որ կը բացայայտեր  ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Նազիկ Աւտալեանի կեանքն ու մարզական ասպարէզը:

Աւարտին ներկաները բուռն ծափահարութեամբ  գնահատեցին բեմադրիչը  եւ առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու անոր։ 

Ապա   Այնճարի քաղաքապետ Տիար Վարդգէս Խօշեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Աննա Մաքսիմը։

Ներկաները ազգային ոգիով ներշնչուած մեկնեցան սրահէն։