«Տաշիր» ընկերութիւններու սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի ընտանիքի կողմէ ձեւաւորուած «Մեր ձեւով» շարժման անդամները գրանցած են կուսակցութիւն՝ «Ուժեղ Հայաստան» անուամբ։
Ելեկտրոնային գրանցման տեղեկատւութեան համաձայն՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը գրանցած են Ալեքսան Ալեքսանեանը, Աշոտ Ֆարսեանն ու Լենա Մաթեւոսեանը։ Անոնք երկուքն ալ այդ շարժման անդամներն են։
Կուսակցութիւնը ստեղծուած էր դեռ նախորդ տարեվերջին՝ դեկտեմբեր 8-ին, եւ կը կոչուէր «Հայամէտ», այնուհետեւ 2026-ի յունուար 16-ին անուանափոխուած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի։
Կուսակցութիւնը գրանցուած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի երեւանեան գրասենեակին մէջ՝ Տէրեան 69 հասցէին վրայ։
«Մեր ձեւով» շարժման մամուլի խօսնակ Մարիաննա Ղահրամանեանը յայտնած է, որ «Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժումը Հայաստանի մէջ իրական ու որակական փոփոխութիւններ իրականացնելու օրակարգ ունի»։ Անոր խօսքով՝ այդ փոփոխութիւններուն հնարաւոր է հասնիլ քաղաքական յայտի եւ քաղաքական աշխուժ գործընթացներու մէջ ներգրաւուելու միջոցով։
«Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած ուժի կազմակերպական աշխատանքներն աւարտական փուլում են։ Առաջիկայում քաղաքական ուժը հանդէս կը գայ յստակ օրակարգով եւ կը ներկայացնի Հայաստանի զարգացման իր տեսլականը»,- փոխանցած է Մարիաննա Ղահրամանեանը։