image

Մենք պատրաստ ենք յաւելեալ զարգացման յօգուտ Հայաստանի. Ռուսաց փոխվարչապետ

Մենք պատրաստ ենք յաւելեալ զարգացման յօգուտ Հայաստանի. Ռուսաց փոխվարչապետ

Ռուսիան նպատակ ունի զարգացնել կապերը Հայաստանի հետ եւ գործնականօրէն լուծել տնտեսական խնդիրները, ասոնք միայն գեղեցիկ խօսքեր չեն։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ ժամանած է Երեւան՝ մասնակցելու Ռուս-հայկական 9-րդ միջտարածաշրջանային համաժողովին։

«Այսպիսի ներկայացուցչական պատուիրակութեամբ մենք ժամանած ենք այստեղ՝ ընդգծելու Հայաստանի հետ մեր պատմական մտերմութիւնը եւ մեր ժողովուրդներու եւ տնտեսութիւններու միջեւ կապերը զարգացնելու եւ ամրապնդելու ցանկութիւնը։

Խնդիրը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած տնտեսական խնդիրներու գործնական լուծումն է, ասոնք ոչ թէ գեղեցիկ խօսքեր են, ոչ տեսութիւն եւ ոչ խոստումներ, այլ իրական աշխատանք՝ ի շահ մեր երկիրներու ժողովուրդի»,- նշած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետը։

Ան աւելցուցած է, որ կողմերը հետեւողականօրէն եւ անընդհատ կ'աշխատին «բոլոր մակարդակներու վրայ՝ Ռուսիոյ մարզերու եւ Հայաստանի մարզերու, գործարար եւ փորձագիտական համայնքներու, պետական կառոյցներու մէջ»։