image

Մենք Երեւանի կողքին ենք՝ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիր․ Յունաց վարչապետ

Մենք Երեւանի կողքին ենք՝ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիր․ Յունաց  վարչապետ

Մենք միշտ միջազգային իրաւունքի կողքին ենք, մենք յստակ դէմ ենք ուժի սպառնալիքի, կամ ուժի բռնի կիրառման։ Մենք նուիրուած ենք իւրաքանչիւր երկրի տարածքային  ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան յարգանքի սկզբունքներուն։

Այս  մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։

Անոր խօսքով՝ իրենք կը հաւատան, որ տարաձայնութիւննեը պէտք է կարգաւորուին միայն խաղաղ ճանապարհով, իսկ Հայաստանը 2023 թուականէն մեզմէ շատ աւելի լաւ կը հասկնայ խաղաղութեան գինը։

«Ես լսեցի ձեր մօտեցումները նոր ձեւաւորուող ռազմավարական միջավայրին մէջ։ Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք քննարկելու նաեւ Լեռնաղին Ղարաբաղէն բնակիչներու կեանքն աւելի հեշտացնելու ձեւաչափը։

Կ՚ուզեմ վստահեցնել, որ Յունաստանը դիւանագիտական տեսանկիւնէ միշտ ձեր կողքին է՝ ձեւաւորելու եւ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ, միայն կայուն խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ բանալ ճանապարհը Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի լաւ ապագայի»,-ըսած է Յունաստանի վարչապետը։

Բացի այդ, Քիրիակժքոս Միցոթաքիսին նշած է, որ Հայաստանը ԵՄ աջակցութեամբ կը ձևեւաւորէ յստակ եւ թափանցիկ հիմնարկներ, որոնք թոյլ կու տան ներդրումներ ներգրաւել: