image

ԱՄՆ յայտարարած է, որ պիտի սկսի իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը

ԱՄՆ յայտարարած է, որ պիտի սկսի իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Ապրիլ 13-ին պիտի սկսին իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը, սակայն պիտի չխոչընդոտեն Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան՝ այն նաւերուն, որոնք չեն մտած եւ դուրս չեն եկած իրանական նաւահանգիստներէն։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է X-ի մէջ ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

«ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) Ապրիլ 13-ին, արեւելեան ժամանակով ժամը 10:00-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 18:00), պիտի սկսի Իրանի նաւահանգիստներ մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող ամբողջ ծովային երթեւեկութեան արգելափակումը՝ համաձայն նախագահի հռչակագրին»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

CENTCOM-ը կը յաւելէ, որ շրջափակումը «անկողմնակալ կերպով» պիտի կիրառուի բոլոր երկիրներու նաւերու նկատմամբ, որոնք մուտք կը գործեն կամ դուրս կու գան իրանական նաւահանգիստներէն եւ ափամերձ տարածքներէն, ներառեալ՝ «Արաբական ծոցի եւ Օմանի ծոցի բոլոր իրանական նաւահանգիստները»։

«CENTCOM-ի ուժերը պիտի չխոչընդոտեն Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան ազատութիւնը այն նաւերուն համար, որոնք չեն ուղղուիր իրանական նաւահանգիստներ եւ անկէ դուրս չեն եկած»,– յաւելած է հրամանատարութիւնը։

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Փաքիստանի մէջ բանակցութիւններու ձախողման եւ Հորմուզի նեղուցին շուրջ այս լարուածութեան լոյսի ներքոյ նաւթի գինը անցած է մէկ պարելի դիմաց 100 տոլարը։ Brent տեսակի նաւթի գինը աճած է 7,5%-ով՝ հասնելով 102,37 տոլարի, իսկ WTI նաւթի գինը աճած է 8,3%-ով՝ հասնելով 104,56 տոլարի։